2014-04-05 13:18:55

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Հանդիպում Իտալիոյ Քաղաքապետարաններու ազգային ընկերակցութեան անդամներուն հետ։


Շաբաթ, 5 ապրիլի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կարտինալ Մարք Ուելլէն` եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Լիպերիոյ Հանրապետութեան նախագահ` Տիկ Էլլէն Ժոնսոն Սիրլիֆին ու անոր ընկերացող շքախումբին։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Թանզանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներու երկրորդ խումբը որ, 4 – 7 ապրիլ, Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 12,30-ին Քլեմենթինա Սրահին մէջ Ֆրանչիսիսո Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Քաղաքապետարաններու ազգային ընկերակցութեան 104 անդամներուն եւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ մատնանշեց թէ ինչպէս իրենց ''մատակարարական'' գործին մէջ, անոնք մօտէն կը ծանօթանան քաղաքացիներուն պէտքերուն ու սպասումներուն եւ ընդգծեց թէ քաղաքականութիւնը պէտք է ըմբռնուի որպէս ժողովուրդին ծառայութիւն, ապահովցնելով հասարակութեան միութիւնը եւ հասարակաց բարիքը։
Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա համաշխարհանակացումի յառաջացուցած լարուածութիւններուն եւ քաղաքապետներու պատասխանատուութեան` տեղական իրողութիւններու եւ բարձրագոյն իշխանութեան միջեւ կապեր հաստատելու։'' Երբ միջոցները սակաւաթիւ են հարկաւոր է զանոնք մատակարարել աւելի մեծ ուշադրութեամբ, իմաստութեամբ եւ արդարութեամբ'', հաստատեց Սրբազան Հայրը ''ու ասոր համար պէտք էք իմաստութեամբ դիմել զօրակցութեան եւ օժանդակութեան սկզբունքներուն'', աւելցուց Ան ակնարկելով Քրիստոնէական հաւատքին որ դարերու հոլովոյթին տարածեց խաղաղութեան մշակոյթ մը։
Թող այս քրիստոնէական արմատները ձեզ օգնեն ըլլալու այրեր եւ կիներ որ ամուր կերպով խարսխուած մնան իրենց հողերուն, իրենց աչքին առջեւ ունենալով ազնուական հորիզոններ որ խրախուսեն առօրեայ փոքրիկ քայլերը'' ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով ճառը ու բոլորին վրայ հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու անոնց տալով իր օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.